2013-11-25 12:30:42

Հարաւային Սուտանին մէջ կաթողիկէ համալսարանի առաջին քարի զետեղում` ''ապագայի համար յոյսի նշան մը''


Հարաւային Սուտանի Ճուպա մայրաքաղաքին մէջ, անցեալ 18 նոյեմբերին զետեղուեցաւ կաթողիկէ համալսարանի առաջին քարը, ''ասիկա - ըսաւ գերապայծառ Քասալա - պատասխանատու Սուտանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կրթութեան յանձնախումբին, ապագայի համար յոյս մըն է նոր պետութեան մը համար, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր։ Ճուպայի թեմի առաջնորդը, կաթողիկէ առաջին համալսարանի հիմնաքարը զետեղելով, հաստատեց որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար դաստիարակութիւնը անբաժան մէկ մասն է իր առաքելութեան։
Դաստիարակութեան փոխ նախագահը տիար Մաքուէնկ շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ դպրոցներ բանալու Հարաւային Սուտանին մէջ, ընդգծելով որ այդ դաստիարակութեան կեդրոնները հիմը հանդիսացան երկրին ազատագրումին եւ խոստացաւ որ պետութիւնը պիտի սատարէ համալսարանի կառուցումին։
Յայտնենք որ Հարաւային Սուտանը անկախ դարձաւ յուլիս 2011-ին։ Նոր պետութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ ծանր հարցեր ներառեալ դաստիարակչակն ենթակառոյցները։








All the contents on this site are copyrighted ©.